2016-09-09 09:11:00

Հակառակ ամէն ինչի` Սուրիոյ Հայկական Վարժարանները բաց կը պահեն իրենց դռները։


Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի, Հասիչէի, Քեսապի բոլոր հայկական վարժարանները կը պատրաստուին Սեպտեմբեր 19-¬ին` նոր ուսումնական տարուայ մեկնարկին: Այս մասին «Արմենփրես»-¬ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պողիկեան:
«Պատերազմի տարիներուն, Հակառակ կենցաղային, տնտեսական շարք մը դժուարութիւններու հայկական վարժարանները միշտ բաց պահած են իրենց դռները: Հակառակ Հալէպի մէջ տիրող ծանրագոյն իրավիճակին` կրթական մարմինները ջանք կը գործադրեն, որպէսզի հայ աշակերտը որեւէ դժուարութեան պարագային չզրկուի հայկական դպրոց յաճախելէն, հնարաւորութեան սահմաններու մէջ ամէն ինչ կը կատարուի, որպէսզի աշակերտներուն անվտանգութիւնը ապահովուի: Արդէն 4 տարիէ Հալէպի առաւել վտանգաւոր գօտիի մէջ յայտնուած դպրոցները տեղափոխուած են աւելի ապահով շրջաններ»,- ըսած է¬ Զարմիկ Պողիկեան` տեղեկացնելով, որ աշակերտներուն թուաքանակի նուազման հետեւանքով որոշ վարժարաններ միացած են իրարու:
 Զարմիկ Պողիկեան յատկանշական համարած է նաեւ այն, որ անցնող ամիսներուն ընթացող քննարկումներու արդիւնքով Բերիոյ Հայոց թեմի ազգային վարչութիւնը որոշում ընդունեց Հալէպի Ազգային վարժարաններուն մէջ 2016-¬ 2017 ուսումնական տարին սահմանել անվճար:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.